2013-08-29 12:24:51

Գաղտէացիներու Պատրիարքին Կոչը Քիւրտիստանի Քրիստոնեաներուն` ''Ձեր Տուները Մի Ծախէք'' ։


Գաղտէացիներու Պատրիարք Լուի Ռաֆայէլ Ա. Սաքօ խօսքը ուղղելով Իրաքի Քիւրտիստանի քրիստոնեաներուն հրաւիրեց զանոնք որ կառչած մնան իրենց հայրերէն ժառանգած հողերուն եւ ստացուածքներուն, որպէսզի գաղթելու պայմանի մէջ չի գտնուին եւ սփիւռքի մէջ չի ցուլուին։

Պատրիարքը իր այս կոչը ուղղեց անցեալ 26 օգոստոս 2013-ին Զախօ եւ Ամատիա միացեալ նոր թեմին հաստատման առթիւ, որ կը ներփակէ մեծամասնութեամբ քրիստոնեայ աւելի քան 40 գիւղեր։

Յայտնենք որ Պատրիարքը անցեալ 15-23 օգոստոս հովուական այցելութիւն կատարած է 40 գիւղերուն եւ այս առթիւ յղած իր նամակին մէջ օրհնած է վերոյիշեալ հաւատացեալներուն հաւատքը, հաւատարմութիւնը, յարատեւութիւնը,
համբերութիւնը եւ ուրախութիւնը, որակելով զանոնք որպէս ''երկրին բնիկ քաղաքացիներ'', որոնց հայրերը աւելի քան 2000 տարիներ առաջ այդ հողին վրայ հաստատուած են։
Պատրիարքութեան տուեալներու համաձայն նոր թեմը կը հաշուէ 14.500 գաղտէացի քրիստոնեայ, ունի 13 քահանաներ եւ 34 եկեղեցիներ։
Քիւրտիստանը քրիստոնեաներուն համար կը նկատուի անվտանգ նահանգ մը եւ Իրաքի շատ մը քրիստոնեաներուն համար անիկա դարձած է վերջին կայան` նախքան իրենց երկրէն հեռանալը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.